2012-08-29 12:30:41

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Միջեկեղեցական Կարեւոր Ժողով` Պիքֆայայի Վանքին Մէջ


Երեքշաբթի, 21 օգոստոսին, նախագահութեամբ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ, աւելի քան երեք ժամ տեւողութեամբ՝ միջեկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը:
Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Եուսեֆ Եունան, Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս` Մունիպ Եունան, առաջինը իբրեւ նախագահ Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներուն կողմէ` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ, իսկ երկրորդը` Միջին Արեւելքի աւետարանական եկեղեցիներուն կողմէ նախագահ` դարձեալ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Փոլ Ռուհանա եպիսկոպոս, քարտուղարի օգնական դոկտ. Էլիաս Հալապի եւ տոքթ. Հապիպ Պատր` իբրեւ խորհուրդի Յատուկ հարցերու յանձնախումբի ատենապետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կարեւոր երկու հարցեր.
ա) Սուրիոյ գաղթականներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն օգնութեան հարցը: Անցնող ամիսներուն ընթացքին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը Դամասկոսի մէջ հաստատած իր կեդրոնատեղիին ճամբով սկսած էր մարդասիրական եւ ընկերային օգնութեան աշխատանքին: Նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ հետզհետէ վատթարացող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջաններու միջեւ հաղորդակցութեան դժուարութիւնը, որոշուեցաւ Դամասկոսի, Հոմսի, Լաթաքիոյ, Հալէպի եւ Գամիշլիի մէջ օգնութեան առանձին կեդրոններ հաստատել` շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Ժողովուրդին անմիջական օգնութիւն հասցնելու մտահոգութենէն մղուած նաեւ որոշուեցաւ, որ Սուրիոյ մարդասիրական օգնութիւն կատարող միջեկեղեցական միջազգային մարմինները իրենց օգնութիւնը կատարեն ուղղակիօրէն` միշտ իրենց աշխատանքը համադրելով տեղական եկեղեցիներուն հետ: Վերաշեշտուեցաւ խորհուրդին այն սկզբունքային որոշումը, որ բոլոր տեսակի մարդասիրական ծառայութիւնները պէտք է կատարուին առանց խտրութեան քրիստոնեայի ու իսլամի միջեւ: Սուրիոյ տառապող ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւնը կը մնայ խորհուրդի կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը:
բ) Նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան հարց: Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը` Փոլ Ռուհանան, շուրջ մէկ ամիս առաջ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ` դառնալով թեմակալ առաջնորդ: Նկատի ունենալով այս պարագան, ինչպէս նաեւ իր հրաժարականը, որոշուեցաւ խորհուրդի կանոնագրութեան համաձայն յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակում կատարել:
Վերջապէս, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը, ներկաները շեշտեցին եկեղեցիներու պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապեր հաստատելու անհրաժեշտութիւնը` մօտէն տեղեակ դառնալու համար անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամբողջական ու ճիշդ կերպով ներկայացնելու Արեւմուտքի կրօնական շրջանակներուն շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, եւ յատկապէս եկեղեցիներու տեսակէտն ու մտահոգութիւնը:









All the contents on this site are copyrighted ©.